Вход на сайт

Просмотр новости

Найдите то, что Вас интересует

ՄԱՐԱԼ ԿԱՐՊԻՍԻ «ՓՈԹՈՐԻԿ ՄՈԹՈՐԻԿ»Ը՝ ՄԱՆԿԱԿԱՆ ԱՇԽԱՐՀԻ ԶՈՒԱՐԹ ՈՒ ԱՆՄԻՋԱԿԱՆ ՊԱՏԿԵՐՆԵՐՈՎ

Дата публикации: 20-10-2026 21:52:00

Մանկական գրականութիւնը նոր պատմուածք մը կը դնէ մանուկներու աշխարհին մէջ։ Մարալ Աքթոքմաքեան, որ գրական ասպարէզին մէջ կը ներկայանայ Մարալ Կարպիս ծածկանունով, «Փոթորիկ Մոթորիկ» խորագրեալ իր…

Основное содержимое страницы с новостью.

Մանկական գրականութիւնը նոր պատմուածք մը կը դնէ մանուկներու աշխարհին մէջ։ Մարալ Աքթոքմաքեան, որ գրական ասպարէզին մէջ կը ներկայանայ Մարալ Կարպիս ծածկանունով, «Փոթորիկ Մոթորիկ» խորագրեալ իր պատմուածքով փոքրիկ ընթերցողները կը տանի մանկութեան զուարթ, չարաճճի եւ անակնկալներով լեցուն աշխարհը։ Գիրքը որ լոյս տեսած է«Փափլիկ» հրատարակչատունէն՝ Էլվան Չիֆթճիի գունագեղ նկարազարդումներով, կը ներկայացնէ երկու փոքրիկներու՝ Նանիկի եւ Նայրիկի առօրեան՝ իրենց խօսակցութիւններով, վէճերով, կամակորութիւններով եւ մանկական անմիջականութեամբ։

Հեղինակը յաջողած է ստեղծել մանկական հոգեբանութեան հարազատ մթնոլորտ, ուր ամենասովորական դէպքն անգամ կրնայ վերածուիլ զուարճալի արկածախնդրութեան։ Երկու փոքրիկներուն միջեւ ծագող տարակարծութիւնները, անոնց ինքնաբուխ արտայայտութիւններն ու անսպասելի հակազդեցութիւնները պատմութեան կու տան կենդանութիւն եւ զաւեշտական երանգ։ Այս բոլորը կը ներկայացուին առանց պարտադրուած բարոյախօսութեան՝ նախապատուութիւնը տալով բնական երկխօսութիւններուն։

Գիրքին ուշագրաւ առանձնայատկութիւններէն մէկը լեզուական անմիջականութիւնն է։ Հեղինակը տեղ կու տայ առօրեայ խօսակցութեան մէջ գործածուող, երբեմն մանկական գրականութեան համար անսովոր թուացող արտայայտութիւններու։ Սակայն նմանօրինակ բառերն ու արտայայտութիւնները կը տեղաւորուին մանկական աշխարհի բնականութեան եւ անմիջականութեան մէջ։ Փոքրիկները կը խօսին այնպէս, ինչպէս կը խօսին իրական կեանքի մէջ՝ իրենց անկեղծութեամբ եւ անզուսպ ինքնաբուխութեամբ։

Նկարազարդումներուն մէջ հերոսներուն դիմախաղերը, շարժումներն ու զանազան տրամադրութիւնները երբեմն նոյնքան խօսուն են, որքան գրուած տողերը։

«Փոթորիկ Մոթորիկ»ը մանկութիւնը կը ներկայացնէ յամառութեամբ եւ հետաքրքրասիրութեամբ, բայց նաեւ ընկերութեան եւ փոխադարձ հասկացողութեան նուրբ շեշտերով։ Գիրքին արժէքը նաեւ այն է, որ հայերէն ընթերցանութիւնը փոքրիկներուն կը մատուցանէ իբրեւ հաճելի եւ իրենց առօրեային հարազատ զբաղում։

Կը շնորհաւորենք Մարալ Աքթոքմաքեանը, կը սպասենք նոր պատմութիւններու եւ արկածախնդրութիւններու։

https://www.normarmara.com/211026lu.html

Схожие новости

#Наименование новостиТональностьИнформативностьДата публикации
1«Ժողովուրդ». Հովիկ Աբրահամյանի որդու գործով նոր հարցաքննություն է եղել. ում են հրավիրել01018-08-2026
2Ալիևին խաղաղարարի քողով ներկայացնելով` Փաշինյանն արդարացնում է ուժի կիրառումը, պատերազմը, ագրեսիան և էթնիկ զտումները․ Տաթև Զորյան08.6720-09-2026
3ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ՆՈՐ ԺԱՊԱՒԷՆԻ ՄԸ ՄԷՋ ՀԱՅԵՐԷՆԸ ԿԸ ՀՆՉԷ07.7224-10-2026
4ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՄԱՐՄՆԱՄԱՐԶՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՅԱՂԹԱՆԱԿԸ՝ ԵՐԿՈՒ ԱՇԽԱՐՀԻ ԱԽՈՅԵԱՆ ԵՒ ԵՐԿՈՒ ՊՐՈՆԶԷ ՄԵՏԱԼԱԿԻՐ08.426-10-2026
5Պաշտոնանկություն ԱԽՔ գրասենյակում. Ալեն Սիմոնյանն ազատվո՞ւմ է Արմեն Գրիգորյանի կադրերից01017-08-2026
6ԱՄԵՆ. ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ՅՈՒՆԱՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻ ԳԱՀԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ 35-ԱՄԵԱԿԻ ՅՈԲԵԼԵՆԱԿԱՆ ԸՆԹՐԻՔԻՆ06.4922-10-2026
7ԽԱԺԱԿ ԱՐՔ. ՊԱՐՍԱՄԵԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ԲԱՐԹՈՂԻՄԷՈՍ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻ Ի ՊԱՏԻՒ ՀՌՈՄԻ ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐՈՒՆ06.8726-10-2026
8"Үстіне топырақ тастаған": баласын өлтірген бойжеткен сотталды01014-08-2026
9Azerbaijani MP names Karabakh victory historic achievement for Turkic world01002-08-2026

Классификация: Мнения. Схожих патентов: 0. Схожих новостей: 9. Тональность: 0. Информативность: 6.87. Источник: hyetert.org.