Вход на сайт

Просмотр новости

Найдите то, что Вас интересует

ԱՄԵՆ. ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ՅՈՒՆԱՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻ ԳԱՀԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ 35-ԱՄԵԱԿԻ ՅՈԲԵԼԵՆԱԿԱՆ ԸՆԹՐԻՔԻՆ

Дата публикации: 22-10-2026 09:20:00

Երէկ երեկոյեան, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան մասնակցեցաւ՝ Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Ուղղափառաց Տիեզերական Պատրիարքի գահակալութեան 35-ամեակին առթիւ կազմակերպուած յոբելենական ընթրիքին, որ…

Основное содержимое страницы с новостью.

Երէկ երեկոյեան, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան մասնակցեցաւ՝ Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Ուղղափառաց Տիեզերական Պատրիարքի գահակալութեան 35-ամեակին առթիւ կազմակերպուած յոբելենական ընթրիքին, որ տեղի ունեցաւ «Հիլթըն» պանդոկին մէջ։ 22 հոկտեմբեր 1991 թուականին ընտրուած Պարթոլոմէոս Պատրիարքի գահակալութեան 35-ամեակը նշուեցաւ ճիշդ նախորդող երեկոյեան։ Սա շատ յատկանշական հաւաքոյթ մըն էր, որուն մասնակցեցան քաղաքիս քրիստոնեայ յարանուանութիւններու եւ փոքրամասնութիւններու հոգեւոր առաջնորդները։

Պարթոլոմէոս Ա. Պատրիարքը գահակալութեան 35 տարիներուն մեծ ջանք գործադրած է ուղղափառ աշխարհի միասնականութեան եւ համագործակցութեան ամրապնդման ուղղութեամբ։ Ան հետամուտ եղած է նաեւ քրիստոնէական աշխարհի եւ զանազան կրօններու երկխօսութեան զարգացման, խաղաղութեան եւ համերաշխութեան խրախուսման։ Ի լրումն այս բոլորին, Պարթոլոմէոս Ա. Պատրիարքը միշտ զգայնութեամբ հանդէս եկած է բնապահպանական նիւթերու շուրջ, ինչ որ մարդկութեան հասարակաց պատասխանատուութիւնը կը նկատէ։

Յոբելեանին առթիւ պատրաստուած գրքոյկին մէջ ալ յստակօրէն ընդգծուած են այս բոլորը, նաեւ դիտել տրուած է, որ յոբելեար պատրիարքը յոյն համայնքի կրթական հաստատութիւններու, լեզուի եւ մշակութային աւանդութիւններու կենսունակութիւնը միշտ պահած է իր հովանիին տակ։

Երէկուան յոբելենական ընթրիքին ընթացքին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ջերմօրէն շնորհաւորեց Պարթոլոմէոս Ա. Պատրիարքը, որուն հետ ողջագուրուեցաւ եղբայրաբար։ Երկու հոգեւոր առաջնորդները փոխանակեցին արեւշատութեան բարեմաղթանքներ։

https://www.jamanak.com/content/4/22-10-2026/46763

Схожие новости

#Наименование новостиТональностьИнформативностьДата публикации
1ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ՝ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ Ն.Ս.Տ.Տ. ՊԱՐԹՈԼՈՄԷՈՍ ԾԱՅՐԱԳՈՅՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻ 35ԱՄԵԱԿԻՆ011.6822-10-2026
2ԽԱԺԱԿ ԱՐՔ. ՊԱՐՍԱՄԵԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ԲԱՐԹՈՂԻՄԷՈՍ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻ Ի ՊԱՏԻՒ ՀՌՈՄԻ ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐՈՒՆ06.8726-10-2026
3Ekümenik Patrik Hazretleri Bartholomeos’un patriklik görevinin 35. yılı onuruna düzenlenen akşam yemeğinde RUMVADER BAŞKANI SAYIN YORGOS PAPALİARİS’İN YAPTIĞI KONUŞMA09.4221-10-2026
4ՄԽԻԹԱՐ ՍԵԲԱՍՏԱՑԻԻ ԾՆՆԴԵԱՆ 350-ԱՄԵԱԿԻՆ ՁՕՆՈՒԱԾ ԵՌՕՐԵԱՅ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԳԻՏԱԺՈՂՈՎ՝ ՎԵՆԵՏԻԿԻ ՄԷՋ07.3520-10-2026
5ՄԽԻԹԱՐ ՍԵԲԱՍՏԱՑԻԻ ԾՆՆԴԵԱՆ 350-ԱՄԵԱԿԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԳԻՏԱԺՈՂՈՎԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻ06.3121-10-2026
6ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ԺՈՂՈՎԻ ՄԱՍՆԱԿՑԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ՄԵԿՆԵՑԱՒ ՀՌՈՄ010.9825-10-2026
7ՊՕՅԱՃԸԳԻՒՂԻ ՄԷՋ ԳԻՒՏ ԽԱՉԻ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ012.526-10-2026
8ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ՆՈՐ ԺԱՊԱՒԷՆԻ ՄԸ ՄԷՋ ՀԱՅԵՐԷՆԸ ԿԸ ՀՆՉԷ07.7224-10-2026
9Ես ևս զերծ չեմ մնացել այս բռնաճնշումների ալիքից, սակայն պայքարի իմ բազմաթիվ ընկերների հետ միասին աննկուն կրելու եմ ինձ բաժին հասած բեռը` մինչև մեր երկրում արդարության հաղթանակ. Ավետիք Չալաբյան-3629-06-2026
10Minister of National Education met with educators from Armenian schools08.1626-07-2026

Классификация: Информация. Схожих патентов: 0. Схожих новостей: 10. Тональность: 0. Информативность: 6.49. Источник: hyetert.org.