Вход на сайт

Просмотр новости

Найдите то, что Вас интересует

ՄԽԻԹԱՐ ՍԵԲԱՍՏԱՑԻԻ ԾՆՆԴԵԱՆ 350-ԱՄԵԱԿԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԳԻՏԱԺՈՂՈՎԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻ

Дата публикации: 21-10-2026 08:19:00

Երէկուան մեր թիւով հաղորդած էինք որ Վենետիկի Ս. Ղազար մայրավանքին մէջ կը կայանայ եռօրեայ միջազգային գիտաժողով մը, նուիրուած Մխիթար Սեբաստացիի ծննդեան 350-ամեակին։ Գիտաժողովի առաջին օրը…

Основное содержимое страницы с новостью.

Երէկուան մեր թիւով հաղորդած էինք որ Վենետիկի Ս. Ղազար մայրավանքին մէջ կը կայանայ եռօրեայ միջազգային գիտաժողով մը, նուիրուած Մխիթար Սեբաստացիի ծննդեան 350-ամեակին։

Գիտաժողովի առաջին օրը Մխիթարեան թանգարանին մէջ բացուեցաւ յատուկ ցուցահանդէս մը, ուր ներկայացուեցան Մխիթար Աբբահօր անձնական իրերը, ձեռագիր վաւերաթուղթերը եւ հեղինակած գիրքերը։ Ցուցադրութիւնը առիթ կ’ընծայէ ծանօթանալու մեծանուն հոգեւորականի, գիտնականի եւ մշակութային գործիչի կեանքին ու հարուստ ժառանգութեան։

Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ գիտաժողովի բացման լիագումար նիստը, որու ընթացքին Գերշ. Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան ներկաներուն փոխանցեց Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի օրհնութեան եւ ողջոյնի խօսքը։

Վեհափառ Հայրապետը իր պատգամին մէջ բարձր կը գնահատէր Մխիթար Սեբաստացիի գիտակրթական եւ մշակութային վաստակը՝ ընդգծելով անոր ունեցած բացառիկ դերը հայ ժողովուրդի ազգային ինքնութեան, լեզուի, պատմական յիշողութեան եւ մշակութային ժառանգութեան պահպանման ու զարգացման մէջ։ Անդրադառնալով Մխիթարեան Միաբանութեան պատմական առաքելութեան՝ Կաթողիկոսը կը շեշտէր թէ միաբանութեան հայրերու հայագիտական, պատմագիտական, եկեղեցագիտական, քերականական եւ բառարանագիտական աշխատութիւնները մեծապէս նպաստած են հայ մտքի զարգացման եւ գիտական մտածողութեան ձեւաւորման։ Ան նաեւ կ’ընդգծէր, թէ Մխիթար Սեբաստացիի ժառանգութիւնը միայն անցեալի արժէքաւոր վկայութիւն մը չէ, այլ կը շարունակէ ներշնչման աղբիւր հանդիսանալ գիտութեան, կրթութեան եւ ազգային մշակոյթի զարգացման համար։ Անոր կեանքն ու գործունէութիւնը կը վկայեն, թէ ազգային ինքնութեան պահպանումը կրնայ համատեղուիլ այլ ժողովուրդներու եւ մշակոյթներու հետ երկխօսութեան ու համագործակցութեան հետ։

Հայրապետական պատգամը կ’եզրափակուէր աշխարհի խաղաղութեան ուղղուած աղօթքով եւ Մխիթարեան Միաբանութեան ու գիտաժողովի աշխատանքներուն յաջողութեան մաղթանքներով։

https://www.normarmara.com/211026lu.html

Схожие новости

#Наименование новостиТональностьИнформативностьДата публикации
1ՄԽԻԹԱՐ ՍԵԲԱՍՏԱՑԻԻ ԾՆՆԴԵԱՆ 350-ԱՄԵԱԿԻՆ ՁՕՆՈՒԱԾ ԵՌՕՐԵԱՅ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԳԻՏԱԺՈՂՈՎ՝ ՎԵՆԵՏԻԿԻ ՄԷՋ07.3520-10-2026
2ԱՄԵՆ. ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ՅՈՒՆԱՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻ ԳԱՀԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ 35-ԱՄԵԱԿԻ ՅՈԲԵԼԵՆԱԿԱՆ ԸՆԹՐԻՔԻՆ06.4922-10-2026
3ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ՝ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ Ն.Ս.Տ.Տ. ՊԱՐԹՈԼՈՄԷՈՍ ԾԱՅՐԱԳՈՅՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻ 35ԱՄԵԱԿԻՆ011.6822-10-2026
4ՄԱՍԻՍ-ԱՐԱՄ ԿԷՕԶՊԷՔ ԻՏԱԼԻՈՅ ՄԷՋ ԹՈՒՐՔԻԱՆ ՊԻՏԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆԷ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԵՐՈՒ ՂԵԿԱՎԱՐՆԵՐՈՒ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՄՐՑՈՒՄԻՆ07.4221-10-2026
5Минобороны Армении сообщило об обстреле Степанакерта азербайджанскими ВС0007-10-2020
6Подросток, спасший ребенка в Каспийске, получит премию Кеосаяна07.0205-08-2026
7Цхинвалы ссардтой хъайтар Денис Ветчиновы ном0529-06-2026
8Министр обороны Армении: Только построенный корпус штаба учебного центра введен в эксплуатацию0503-07-2026
9Çiyayên Şerefdînê yên Bîngolê gava roj diçe ava û derdikeve dîmeneke bêhempa pêşkêş dikin07.0325-07-2026
10Школьник из Дагестана будет награжден премией Кеосаяна за спасение ребенка06.505-08-2026

Классификация: . Схожих патентов: 0. Схожих новостей: 10. Тональность: 0. Информативность: 6.31. Источник: hyetert.org.