Вход на сайт

Просмотр новости

Найдите то, что Вас интересует

ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ՝ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ Ն.Ս.Տ.Տ. ՊԱՐԹՈԼՈՄԷՈՍ ԾԱՅՐԱԳՈՅՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻ 35ԱՄԵԱԿԻՆ

Дата публикации: 22-10-2026 06:43:00

Յունաց Ն.Ս.Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Ծայրագոյն Պատրիարքի գահակալութեան 35ամեակին առթիւ, 21 Հոկտեմբեր 2026, Չորեքշաբթի, Հիլթըն Ստանպուլ Պոսֆորուս Հիւրանոցի սրահին մէջ ճաշկերոյթ մը սարքուեցաւ, որուն մասնակցեցաւ Ն.Ա.Տ.…

Основное содержимое страницы с новостью.

Յունաց Ն.Ս.Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Ծայրագոյն Պատրիարքի գահակալութեան 35ամեակին առթիւ, 21 Հոկտեմբեր 2026, Չորեքշաբթի, Հիլթըն Ստանպուլ Պոսֆորուս Հիւրանոցի սրահին մէջ ճաշկերոյթ մը սարքուեցաւ, որուն մասնակցեցաւ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը։

Այստեղ բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ Ստանպուլի Յոյն համայնքի հաստատութեանց նախագահ Ճորճ Փափալիարիս եւ իշխան Լաոսինակտիս։ Ընթրիքի ընթացքին ցուցադրուեցան Նորին Սրբութեան նուիրուած վաւերագրական ժապաւէնը՝ պատրաստուած Ամերիկայի Յոյն Ուղղափառ Արքեպիսկոպոսութեան կողմէ, ինչպէս նաեւ նոյնպէս Նորին Սրբութեան նուիրուած ERT-ի վաւերագրական ժապաւէնը։ Ցուցադրութեան ընթացքին, երաժշտահան Էվանթիա Ռեպուցիքա կատարեց վաւերագրականին հետ առնչուած երաժշտական ստեղծագործութիւններ։ Յանուն ներկաներուն խօսեցաւ Քաղկեդոնի Աւագ Մետրոպոլիտ Գերշ. Տ. Էմմանուէլ Սրբազան։

Ապա կտրուեցաւ տարեդարձի կարկանդակը, որմէ ետք իր պատգամը տուաւ Նորին Սրբութիւնը։

Նոյն առթիւ, մեր Հոգեւոր Պետը, իր, Պատրիարքական Աթոռոյ, Կրօնական Ժողովի, հոգեւորական դասու, մեր հաստատութեանց եւ համայնքիս, շնորհաւորեց Նորին Սրբութեան գահակալութեան 35ամեակը եւ մաղթեց, որ առողջութեամբ ու արեւշատութեամբ շարունակէ այն ծառայութիւնը որ բերաւ ու կը բերէ ի սպաս Եկեղեցւոյ, Քրիստոնէութեան, միութեան, խաղաղութեան եւ միջեկեղեցական ու միջկրօնական երկխօսութեան։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad

Схожие новости

#Наименование новостиТональностьИнформативностьДата публикации
1ՊՕՅԱՃԸԳԻՒՂԻ ՄԷՋ ԳԻՒՏ ԽԱՉԻ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ012.526-10-2026
2ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ԺՈՂՈՎԻ ՄԱՍՆԱԿՑԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ՄԵԿՆԵՑԱՒ ՀՌՈՄ010.9825-10-2026
3ԱՄԵՆ. ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ՅՈՒՆԱՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻ ԳԱՀԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ 35-ԱՄԵԱԿԻ ՅՈԲԵԼԵՆԱԿԱՆ ԸՆԹՐԻՔԻՆ06.4922-10-2026
4 Monday, 26 October 2026 09.6426-10-2026
5ԽԱԺԱԿ ԱՐՔ. ՊԱՐՍԱՄԵԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ԲԱՐԹՈՂԻՄԷՈՍ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻ Ի ՊԱՏԻՒ ՀՌՈՄԻ ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐՈՒՆ06.8726-10-2026
6קריקטורה יומית | 21 באוקטובר 202605020-10-2026
7ՄԽԻԹԱՐ ՍԵԲԱՍՏԱՑԻԻ ԾՆՆԴԵԱՆ 350-ԱՄԵԱԿԻՆ ՁՕՆՈՒԱԾ ԵՌՕՐԵԱՅ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԳԻՏԱԺՈՂՈՎ՝ ՎԵՆԵՏԻԿԻ ՄԷՋ07.3520-10-2026
8הרמטכ"ל מחדד ומקונן, המתנחל מוחק — והתיאטרון עולה באש | 21.10.2026021.1120-10-2026
9קריקטורה יומית | 12 ביולי 20260011-07-2026
10ՄԽԻԹԱՐ ՍԵԲԱՍՏԱՑԻԻ ԾՆՆԴԵԱՆ 350-ԱՄԵԱԿԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԳԻՏԱԺՈՂՈՎԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻ06.3121-10-2026

Классификация: Информация. Схожих патентов: 0. Схожих новостей: 10. Тональность: 0. Информативность: 11.68. Источник: hyetert.org.